2008-11-03 14:03:05

վատիկանեան տեղեկութիւններ - Նոյեմբեր 4-6 Վատիկանի մէջ տեղի կ`ունենայ առաջին հանդիպումը կաթողիկէներու ու մահմետականներու միջեւ։

Նոյեմբեր 4-9 ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը իր ընդհանուն ժողովը կը գումարէ Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը` կրօնական անտարբերութիւնը ու եկեղեցւոյ տեսանելիութիւնը թեմայով։


Նոյեմբեր 4-6 Վատիկանի մէջ տեղի կ`ունենայ առաջին հանդիպումը կաթողիկէներու ու մահմետականներու միջեւ։ Դռնփակ Հանդիպումին կը մասնակցին կաթողիկէ 24 կրօնաւորներ ու մասնագէտներ եւ նոյնքան մահմետականներ։ Կլոր սեղանին նիւթն է. Աստուծոյ սէրը, մերձաւորին սէրը։ Հանդիպումին առաջին օրը, մասնակցողներու խորհրդածութիւնները կը կեդրոնանան աստուածաբանական ու հոգեւոր նիւթերու վրայ, յաջորդ օրը ժողովականները պիտի խօսին մարդկային արժանաւորութեան ու փոխադարձ յարգանքի մասին։ Նոյեմբեր 6-ին կաթողիկէ իսլամ ժողովին մասնակցողները պիտի ընդունուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն եւ ապա Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ եզրափակիչ նիստ մը տեղի պիտի ունենայ այս վերջինը հրապարակային պիտի ըլլայ։



Նոյեմբեր 4-9 ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը իր ընդհանուն ժողովը կը գումարէ Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը` կրօնական անտարբերութիւնը ու եկեղեցւոյ տեսանելիութիւնը թեմայով։

ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը աշնանային ընդհանուր ժողովը կը գումարէ Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը նոյեմբեր 4-9։ Ժողովին գլխաւոր նիւթերն են կրօնական անտարբերութիւնը, եկեղեցւոյ տեսանելիութիւնը, կենսաբարոյականութիւնը եւ վերակենդանացնել մեր եկեղեցիները։ Նոյնպէս եպիսկոպոսները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը ապագայ քահանաներու կազմաւորման, կը կարդանք կաթողիկէ եկեղեցւոյ լրատու սպասարկութեան մէջ։ Ժողովին ֆրանսայի եպիսկոպոսները պիտի խօսին միջկրօնական երկխօսութեան հիմերու մասին։ Նշենք թէ ֆրանսայի եպիսկոպոսներու Ժողովին կը մասնակցի արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Ղապրոեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.